By Asbarez | Saturday, 07 April 2018
Աշխատանքային այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 5 Ապրիլի երեկոյեան հանդիպեցաւ Իտա-լիոյ Ծերակոյտի նախագահ Մարիա Էլիզապէթա Քազելաթիի հետ: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց զայն՝ ծերակոյտի նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելուն առիթով եւ յայտնեց, որ հայ-իտալական բազմաբովանդակ յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ անցեալէն ի վեր իրենց հաստատուն տեղը ունեցող միջխորհրդարանական կապերը կը շարունակուին ընդլայնուիլ եւ ամրապնդուիլ՝ նաեւ տիկին Քազելաթիի անձնական ջանքերուն շնորհիւ:
Սերժ Սարգսեան կարեւոր հսմարեց օրէնսդիր մարմիններու դերը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման, փոխվստահութեան եւ փոխըմբռնումի մթնոլորտ ձեւաւորելու գործին մէջ եւ աւելցուց, որ Հայաստան շահագրգռուած է խորհրդարաններու միջեւ աւելի սերտ կապեր հաստատելով եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները զարգացնելով, նաեւ միջխորհրդարանական վեհաժողովներու շրջանակներուն մէջ, որ Հայաստանի եւ Իտալիոյ առիթ կու տայ կարեւոր հարցերու շուրջ համակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել իրարու:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բարձրօրէն գնահատեց Իտալիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Ընդգծելով, որ հայ-իտալական առանձնայատուկ կապերու առանցքը կը կազմեն երկու բարեկամ ժողովուրդներու պատմական սերտ առնչութիւններն ու նոյն ակունքը ունեղեցող քրիստոնէական արժեհամակարգը, նախագահ Սարգսեան արձանագրեց, որ հայ-իտալական միջպետական յարաբերութիւնները անցած քառորդ դարուն ընթացքին զարգացած են գործընկերութեան ու փոխվստահութեան ոգիով, եւ այսօր երկու երկիրները նշանակալից համագործակցութիւն ունին տնտեսական, պաշտպանական, միջխորհրդարանական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ:
Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան կարեւոր մէկ օրինակն է, ըստ Հայաստանի նախագահին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերու իտալական հրամանատարութեան ներքեւ հայ զինուորներու արդիւնաւէտ ծառայութիւնը:
Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան, որոնք հայ-իտալական փոխգործակցութեան օրակարգի կարեւոր ուղղութիւններէն կը համարուին:
Նախագահ Սարգսեան եւ Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ Քազելաթի հետ միտքեր փոխանակեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացին շուրջ:
Նախագահը Հռոմի մէջ նաեւ հանդիպեցաւ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելայի հետ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ