Թուրք զինուորներուն կողմէ Աֆրինի մէջ կողոպուտը կը դատապարտուի

By Asbarez | Tuesday, 10 April 2018

0410afrin

ՊԷՅՐՈՒԹ - Միջազգային իրաւապաշտպան՝ Մարդկային Իրաւանց դէտ (Human Rights Watch, HRW) կազմակերպութիւնը Կիրակի, Ապրիլ 8ին տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը շեշտուի, թէ Սուրիոյ Աֆրին քաղաքի բնակչութեան դրութիւնը զգալիօրէն վատացած է՝ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

Տեղեկագիրին մէջ մտահոգութեամբ կը նշուի նաեւ, որ թրքական ուժերը արտօնութիւն չեն տար շրջափակուած քաղաքին մէջ ուտեստեղէնի, ըմպելի ջուրի եւ բժշկական նիւթերու տագնապ դիմագրաւող բնակիչներուն, որ քաղաքէն հեռանան։

<<Թուրքիոյ զինուորական ուժերը եւ անոնց դաշնակից շարք մը զինեալ խմբաւորումներ, Աֆրին քաղաքին եւ անոր գիւղերուն մէջ կողոպուտներ իրականացնելով եւ ոչնչացնելով տեղւոյն բնակչութեան գոյքը՝ կը վատթարացնեն անոր իրավիճակը: Աֆրինը իրենց վերահսկողութեան տակ պահող Թուրքիոյ զինուորական ուժերը եւ ընդդիմադիր խմբաւորումները պէտք է դադրեցնեն կողոպուտները ու բացատրութիւն տան իրենց պատճառած վնասներուն համար>>, նշուած է տեղեկագիրին մէջ:

Յունուար 20ին, օրին Սուրիոյ քրտական ուժերու հակակշիռին տակ գտնուած Աֆրին քաղաքին դէմ սկսած թրքական զինուորական գործողութեանց իբրեւ հետեւանք՝ թրքական ուժերը Մարտ 18ին գրաւեցին քաղաքը։ ՄԱԿի տուեալներով, այդ ժամանակամիջոցին աւելի քան 137,000 քաղաքայիններ կրցած են հեռանալ քաղաքէն, սակայն 50,000էն 70,000 քաղաքայիններ տակաւին կը մնան հոն։

 



comments

Advertisement