By Asbarez | Tuesday, 10 April 2018
ՀԱԼԷՊ, ԹԵՀՐԱՆ, <<Գանձասար>>, <<Ֆարս>> - Երկուշաբթի, Ապրիլ 9ի առաւօտեան, սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ետ մղած են Հոմսի մօտ գտնուող Թէյֆուր ռազմական օդակայանին դէմ օդային յարձակում մը՝ վար առնելով ութ հրթիռներ. այս մասին կը հաղորդէ սուրիական զինուորական աղբիւր մը: Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ յարձակումին իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են 14 զոհեր:
Աւելի ուշ, իրանեան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ իսրայէլեան ռազմական օդանաւերու կողմէ իրականացուած այս յարձակումին ընթացքին սպաննուած են իրանցի չորս ռազմական խորհրդականներ։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս հաստատեց, թէ յարձակումը իրականացուցած են իսրայէլեան օդանաւեր՝ աւելցնելով, որ անոնք Սուրիոյ օդային տարածք մուտք չեն գործած, այլ հրթիռներ արձակած են լիբանանեան օդային տարածքէն, ապա՝ Իսրայէլ վերադարձած։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ