Պատասխանելով Լաւրովին՝ Էրտողան կը շեշտէ - Մենք լաւ գիտենք, թէ Աֆրինը որո՛ւն պիտի յանձնենք

By Asbarez | Wednesday, 11 April 2018

041erdo

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրք պաշտօնատարներ Ապրիլ 10ին շարունակեցին արձագանգել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիոյ զինուորական ուժերը Աֆրինը պէտք է յանձնեն Սուրիոյ կառավարական ուժերուն:

Նման առիթներ չփախցնող Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններուն շաբաթական ժողովին՝ Ապրիլ 10ին, յայտարարեց. <<Այս մէկը սխա՛լ դիրքորոշում է: Մենք լաւ գիտենք, թէ Աֆրինը որո՛ւն պիտի յանձնենք: Սուրիա այժմ կը գտնուի նաեւ այլ երկիրներու ձեռքը. թող նախ անոնք խօսին այդ տարածքները Սուրիոյ յանձնելու մասին: Անոնց այն յայտարարութիւնը, թէ շարք մը տարածքներ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն յանձնուած են, մեզի համար համոզիչ չէ՛: Երբ ժամանակը գայ, մենք Աֆրինը կը յանձնենք աֆրինցիներուն եւ ժամկէտներն ալ մե՛նք կ՛որոշենք, այլ ոչ թէ յարգելի Լաւրովը>>:

Յիշեցնենք, որ Լաւրով յստակացուցած էր, թէ քանի թուրքերը <<Աֆրինի հետ կապուած իրենց նպատակները իրականացուցած են, մենք կը կարծենք, որ Աֆրինի մէջ իրավիճակը կարգաւորելու ամենապարզ միջոցը՝ այդ հողերուն վերահսկողութիւնը Սուրիոյ կառավարութեան վերադարձնելն է>>:

 



comments

Advertisement