Իրան եւս Աֆրինը Սուրիոյ վերադարձնելու կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ

By Asbarez | Wednesday, 11 April 2018

0411iran trk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Հաթեմի Ապրիլ 10ին յայտարարեց, թէ Թեհրանի իշխանութիւնները եւս կը փափաքին, որ Թուրքիա Աֆրինը վերադարձնէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն՝ աւելցնելով, որ Իրան միշտ կողմնակից է <<երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու քաղաքականութեան>>։

<<Մենք մեր թուրք եղբայրներուն ըսած ենք, որ եթէ Սուրիոյ ապահովութեան հետ կապուած մտահոգութիւններ ունենան, ապա զանոնք կարելի է լուծել բացառապէս Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ համագործակցութեան միջոցով: Կը փափաքինք, որ թուրք եղբայրները յարգանք ցուցաբերեն Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան հանդէպ>>, յստակացուցած է Հաթեմի:

Յիշեցնենք, որ իրանեան աղբիւրներ հաղորդած էին, թէ անցեալ շաբաթ կայացած Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա վեհաժողովին եւս, Իրանի նախագահը Աֆրինը Սուրիոյ վերադարձելու կոչ ըրած էր Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին։

 



comments

Advertisement