Ռուսիա առանցքային դեր կը խաղայ Արցախի հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ - Արմէն Սարգսեան

By Asbarez | Wednesday, 11 April 2018

0411armensarkissian1

Հայաստանի Հանրապետութեան 4րդ նախագահ Արմէն Սարգսեան ռուսական <<Թասս>> գործակալութեան տուաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ չափազանց կարեւոր եւ առանցքային կը նկատէ Ռուսիոյ դերը Արցախի հակամարտութեան լուծման գործընթացին մէջ:

Ըստ անոր՝ 23 տարի առաջ Արցախի մէջ եռակողմանի զինադադարը ձեռք բերուած է Ռուսիոյ միջնորդութեան շնորհիւ:

<<Հարցին խաղաղ լուծում փնտռելուն մէջ բարձր կը գնահատենք այդ միջնորդական ջանքերը: Ակնյայտ է, որ հարցին լուծման համար անհրաժեշտ է խաղաղութեան եւ համաձայնութեան գալու քաղաքական կամք: Հայաստանը խաղաղութիւն ձեռք բերելու համար ի գործ կը դնէ կարելի ամէն բան եւ կ՛ակնկալէ, որ ատրպէյճանական կողմը նոյն ձեւով վարուի>>, ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը:

Արմէն Սարգսեան յայտնեց նաեւ շուտով Մոսկուա այցելելու իր ծրագիրին մասին՝ աւելցնելով, որ յստակ ժամկէտներ տակաւին չկան:

Սարգսեան ըսաւ, որ, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, էական կը համարէ հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցութեան հետագայ զարգացումը, երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդումը եւ մարդկային շփումներու զարգացումը:

 


comments

Advertisement