ԵՄն Ատրպէյճանի հետ համաձայնագիրով պիտի պահպանէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման միասնական սկզբունքները

By Asbarez | Wednesday, 11 April 2018

0411garennazarian

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստան ունի հաւաստիացումներ, որ Եւրոպական Միութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ շրջանակային համաձայնագիրով Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Եւրոպական Միութիւնը պիտի պահպանէ միասնական յայտարարուած դիրքորոշումը:

Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ Ազգային ժողովին մէջ ՀՀ-ԵՄ համաձայնագիրը վաւերացնելու հարցի քննարկման ընթացքին, պատասխանելով <<Ելք>> խմբակցութեան պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեանի հարցումին, այս մասին ըսաւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեան:

<<Ասիկա շատ կարեւոր է հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը լաւագոյնս ապահովելու առումով: Մենք ունինք հաւաստիացումներ, որ ԵՄն պիտի պահպանէ իր յայտարարած մօտեցումը: Յուսանք, որ անոր ականատեսը պիտի ըլլանք շուտով: Ես չէի ուզեր կանխատեսումներ կատարել, թէ ինչ տեսք պիտի ունենայ այդ համաձայնագիրը, սակայն յոյս ունինք, որ ԵՄ մեր գործընկերները սկզբունքային մօտեցում պիտի ցուցաբերեն այս հարցով>>, նշեց Նազարեան:

Ան ըսաւ, թէ միջազգային բանակցային փորձառութիւնը կը յուշէ, որ այդ քննարկումները պիտի ըլլան փակ եղանակով: Սակայն, ան շեշտած է, թէ իրենք տեղեակ են, որ շրջանակային համաձայնագիրին շուրջ ԵՄ-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ կը քննարկուի նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրը: Կարէն Նազարեան նկատած է, որ հայկական կողմը բազմիցս շեշտած է ԵՄ գործընկերներուն կողմէ սկզբունքային եւ միասնական յայտարարուած դիրքորոշումը պահպանելու անհրաժեշտութեան մասին:

 



comments

Advertisement