Թուրքիոյ եւ Իրաքի Քրտական քաղաքական ուժերու բարձր մակարդակի հանդիպումներ

By Asbarez | Thursday, 12 April 2018

0412Kurds

ԱՐՊԻԼ - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը մեկնած է հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Արպիլ, տեղի իշխանութիւններուն հետ բարձր մակարդակի հանդիպումներ ունենալու նպատակով:

Քրտական <<Ռուտաու>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիայէն գացած քրտական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Քրտական ինքնավար մարզի նախկին նախագահ Մասուտ Պարզանիի եւ ներկայ վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի հետ:

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կուսակցութեան բանբեր եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի Ուրֆայէն ընտրուած երեսփոխան Օսման Պայտեմիրը: Ան կոչ ուղղած է միաւորելու քրտական քաղաքական բոլոր ուժերը՝ բացառելու համար իրարու միջեւ բախումներն ու անոնցմէ բխող քաղաքական ցնցումները: Ըստ անոր՝ քիւրտ ժողովուրդի քաղաքական կարգավիճակին յստակացումը խաղաղութիւն ու կայունութիւն պիտի բերէ Միջին Արեւելքին:

<<Եթէ համագործակցինք ճի՛շդ ձեւով, կարելի պիտի ըլլայ Թուրքիոյ արեւմուտքի ժողովրդավարացման առաջնորդող քայլերու դիմել՝ տեղւոյն ընդդիմադիր ուժերուն հետ: Եթէ մենք չկարենանք ճիշդ ձեւով գործակցիլ, ապա միւսներուն հետ դաշինքներ կնքելը անիմաստ է>>, ըսած է Պայտեմիր:

 



comments

Advertisement