* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Էրտողան Սարքոզին Կը Զգուշացնէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Վաւերացման Ծանր Հետեւանքներէն

Saturday, 17 December 2011     |    |   

Source: Asbarez
Tags: turkey, armenian genocide, france

Նախագահ Սարքոզի ծաղիկ կը զետեղէ անմար կրակին առջեւ

ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16ին նամակ մը յղած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ։ Նամակին մէջ ան նշած է, որ այդ օրինագիծը ուղղուած է Թուրքիոյ պետութեան, ինչպէս նաեւ թուրք ժողովուրդին եւ Ֆրանսա բնակող թրքական համայնքին դէմ։

«Կ՛ուզեմ բացայայտ կերպով յայտարարել, թէ այսպիսի քայլեր շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենան թուրք-ֆրանսական քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն վրայ, իսկ անոնց պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ այդ քայլին նախաձեռնողները կը կրեն», գրած է Թուրքիոյ վարչապետը։

«Իմաստուն մտածելակերպը պէտք է վեր ըլլայ քաղաքական խաղերէն։ Յոյսով եմ, որ դուք պիտի կանխարգիլէք այն քայլերը, որոնց հետեւանքները սրբագրելը հետագային անհնար պիտի ըլլայ», նշած է Էրտողան։

Ֆրանսայի խորհրդարանը կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթ քննելու ցեղապաշտութեան դէմ պայքարելու եւ ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնելու մասին նոր օրինագիծը։

Հինգշաբթի օր Անգարա սպառնաց Ֆրանսայի մօտ իր դեսպանը Փարիզէն տուն կանչել, եթէ Ֆրանսայի խորհրդարանը վաւերացնէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը, որուն ձախողութիւնը ապահովելու նպատակով, Թուրքիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը Կիրակի, Դեկտեմբեր 18ին Փարիզ պիտի մեկնի, ընկերակցութեամբ գործարարներու խումբի մը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու նաեւ յայտարարած էր, թէ բանաձեւին վաւերացումը «միջնադար» պիտի վերադարձնէ Ֆրանսան եւ Եւրոպան, որովհետեւ նման օրէնքի մը պատճառով պիտի արգիլուի Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ բոլոր քննարկումները:

Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Պեռնար Վալերօ յայտարարած է, թէ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման համար պատիժ նախատեսող օրինագիծը խորհրդարանական նախաձեռնութիւն է, որ կը տեղաւորուի ցեղապաշտական յայտարարութիւններու համար սահմանուած պատիժի ծիրին մէջ։ Վալերօ նշած է, թէ Անգարա Ֆրանսայի կարեւոր գործընկերն ու դաշնակիցն է։

Վերջապէս, ազգայնամոլ թուրքերու «Թալէաթ փաշայի կոմիտէ» խմբակի անդամ թուրքեր, Ուրբաթ օր օրինագիծին դէմ բողոքի ցոյց մը կատարած են Պոլսոյ մօտ Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին առջեւ՝ յայտարարելով, թէ անոնք Դեկտեմբեր 18ին բողոքի մեծ ցոյց պիտի կազմակերպեն նաեւ Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի խորհրդարանին առջեւ:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement