Սուրիական բանակի հրամանատարութիւն - 110 հրթիռներով ԱՄՆ-Ֆրանսա-Բրիտանիա եռակողմ յարձակում… Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար առին հրթիռներուն մեծամասնութիւնը

By Kantsasar | Monday, 16 April 2018

Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ յայտնելով, որ. << Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ի արշալոյսին, ժամը 3:55-ին, ԱՄՆ-Ֆրանսա եւ Բրիտանիա եռակողմ յարձակում մը գործեցին Սուրիոյ դէմ՝ մօտաւորապէս 110 հրթիռ արձակելով Դամասկոսի եւ Հոմսի սուրիական կեդրոններուն ուղղութեամբ>>։

Հրամանատարութիւնը աւելցուց.<< Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, դէմ դնելով յարձակումին, վար առին հրթիռներուն մեծամասնութիւնը>>, մինչ կարգ մը հրթիռներ յաջողեցան քանդել Պէրզէի գիտահետազօտական կեդրոնի կառոյցներէն մէկը, որ կ՚ընդգրկէր ուսումնական բաժին մը եւ շարք մը տարրալուծարաններ։ Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։

<<Մեր պաշտպանութեան համակարգերը Հոմսի զինուորական պահեստանոցը թիրախ դարձուցած հրթիռները իրենց ուղղութենէն շեղել տուին։ Այդ հրթիռները իրենց թիրախին չհասան։ Անոնցմէ մէկուն պայթումին հետեւանքով 3 քաղաքայիններ վիրաւորուեցան>>։

Հրամանատարութիւնը եզրափակելով ըսաւ.

<<Այս յարձակումը մեզ աւելի վճռական պիտի դարձնէ՝ շարունակելու մեր առաքելութիւնը, դէմ դնելու ահաբեկչական բոլոր թափանցումներուն եւ պահպանելու Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը>>։

 


comments

Advertisement