Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աշխատելու Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ

By Asbarez | Monday, 23 April 2018

0423statedepartment

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Փաստինֆօ>> - Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աշխատելու Սերժ Սարգսեանի կառավարութիւնը փոխարինող կառավարութեան հետ, յայտարարծ է Միացեալ նահանգներու արտաքին գրործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:

<<Մենք շնորհակալ ենք վարչապետ Սերժ Սարգսեանին երկար տարիներու ծառայութեան ու ԱՄՆ-Հայաստան ամուր գործընկերութեան մէջ իր ներդրումին համար: Մենք կ՛ակնկալենք, որ անոր յետնորդը կը յայտարարուի ժողովրդավարական գործընթացով՝ օրէնքներուն ու Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն համաձայն: Մենք կ՛ակնկալենք սերտ համագործակցութիւն նոր կառավարութեան հետ>>, յայտնած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:

 



comments