By Asbarez | Saturday, 28 April 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Քրեմլին յոյս ունի, որ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի. այսպէս յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ ըստ <<Ռիա Նովոսթի>>ի:
<<Գիտէք, որ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են գերատեսչութիւններու մակարդակով, եղած է նաեւ հեռախօսազրոյց: Այդ շփումը հիմնականօրէն կեդրոնացած է Հայաստանի մէջ յառաջացած ճգնաժամային իրավիճակին շուտափոյթ կարգաւորման անհրաժեշտութեան վրայ: Կարգաւորումը, անկասկա՛ծ, պէտք է ըլլայ սահմանադրական շրջանակներու մէջ, այնպէս մը, որ համաձայնութիւն գոյանայ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն միջեւ: Այժմ բոլորս կը սպասենք եւ կը հետեւինք վարչապետի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան խորհրդարանին մէջ Մայիս 1ին>>, ըսած է Փեսքով:
Պատասխանելով լրագրողի նկատառումին առ այն, որ Հայաստանի լրատուամիջոցները կը յայտնէին Մոսկուայէն Հայաստան ժամանած ռուս պաշտօնտարներու մասին՝ Փեսքով յայտնած է. <<Չունիմ որեւէ տեղեկութիւն այդ մասին. ձեզի ոչինչ կրնամ պատասխանել>>:
Նշենք, որ Ապրիլ 26ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի հետ: Ընդգծուած է, որ Հայաստանի մէջ ճգնաժամային իրավիճակի կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ բացառապէս իրաւական դաշտի՝ սահմանադրութեան ծիրին մէջ եւ 2017ի Ապրիլին կայացած խորհրդարանական օրինական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ