Կիւլ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին թեկնածու չէ՛

By Asbarez | Tuesday, 01 May 2018

 

0501Gul

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտարարած է, թէ իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ Յունիս 24ին նախատեսուած նախագահական արտակարգ ընտրութեանց համար: Ան յիշեցուցած է, որ նախապէս չէր բացառեր ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնը, եւ ապագային <<պիտի չխուսափի իր պարտականութեան կատարումէն, եթէ լայն համաձայնութիւն ըլլայ>> իր թեկնածութեան շուրջ:

Շարք մը թուրք վերլուծաբաններու կարծիքով, իբրեւ ընդդիմութեան միասնական թեկնածու առաջադրուելու պարագային՝ Կիւլ կրնար զգալի համեմատութեամբ քուէ ապահովել:

Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ երկրի նախագահի պաշտօնին համար Կիւլը իբրեւ միացեալ թեկնածու առաջադրելու ընդդիմութեան փորձերը ձախողած են:

Կիւլ նախագահի պաշտօն վարած էր 2007էն 2014 տարիներուն:

 



comments