By Asbarez | Tuesday, 01 May 2018
ԱՐՊԻԼ - Քրտական <<Ռուտաու>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Երկուշաբթի, Ապրիլ 30ին, Սուրիոյ հիւսիսը ծանր բախումներ տեղի ունեցած են քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ:
Սուրիական բանակը Կիրակի օր յայտարարած էր Եփրատի արեւելեան ափին վրայ քիւրտ զինեալներէն շարք մը գիւղերու ազատագրման մասին: Սակայն, Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պատասխան յայտարարութիւն մը հրապարակած են Ապրիլ 30ին՝ պնդելով, որ յաջողած են սուրիական բանակէն խլել 4 գիւղեր:
Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործող ինքնահռչակ Ժողովրդավարական խորհուրդի համանախագահ Իլհամ Ահմետ, <<Ռուտաու>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին պնդած է, որ սուրիական բանակին կողմէ քիւրտ զինեալներու դէմ լայնածաւալ գործողութիւնները Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ եռակողմ համաձայնութեան արդիւնք են:
<<Սուրիոյ իշխանութիւնները երբե՛ք գոհ չեն եղած այն բանէն, որ այս տարածքները մեր վերահսկողութեան տակ կը գտնուին: Անոնք թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած Աֆրինի գործողութիւնը իբրեւ պատրուակ օգտագործելով՝ քիւրտ զինեալներու ենթակայութեան տակ գտնուող այս տարածքները փորձեցին գրաւել: Ասիկա Աֆրինի գործողութեան ծիրին մէջ համաձայնեցուած ծրագիրին շարունակութիւնն է>>, ըսած է Ահմետ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ