Յոյն նախարարը՝ Թուրքիոյ. Յունաստանը Աֆրին չէ՛

By Asbarez | Thursday, 03 May 2018

0503grc trk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քաձիաս մասնակցած է յունական <<Փափաչելաս>> պատկերասփիւռի կայանի լրատուական մէկ յայտագիրին, որուն ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւնները զգուշացուցած է զերծ մնալ սադրանքներէ:

Յոյն նախարարը մասնաւորապէս անդրադարձած է Եգէական ծովուն վրայ Թուրքիոյ կողմէ առնուուղ մտահոգիչ քայլերուն՝ շեշտելով. <<Յունաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ Թուրքիան սկսած է մօտենալու թոյլատրելիի սահմանը խախտելու հանգրուանին: Եթէ մենք սթափ ու հանգիստ դիրքորոշում չցուցաբերէինք, ապա չենք կրնար ըսել, թէ այդ բոլորը ո՛ւր կրնային հասնիլ>>:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նման լարուած մթնոլորտի մը մէջ Թուրքիա կրնա՞յ արդեօք ռազմական գործողութիւններու սկսիլ Յունաստանի դէմ՝ ան նշած է. <<Նման միջոցառումներու ձեռնարկումը շատ վնասներ պիտի բերէ իրեն հետ: Յունաստանը Աֆրին չէ՛ եւ հոս հարցը ոչ միայն վնաս կրելու, այլեւ պարտութի՛ւն կրելու մէջ կը կայանայ>>:

 



comments