Ահաբեկչական խմբաւորումները պիտի հեռանան Հոմսի Հիւսիսային շրջանէն

By Asbarez | Thursday, 03 May 2018

0503syr

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ռոյթըրզ>> - Լիբանանեան <<Հըզպալլա>> կուսակցութեան եւ Սուրիոյ կառավարութեան դէմ պայքարող ահաբեկչական խմբաւորման մը աղբիւրները անջատաբար հաստատեցին, թէ Չորեքշաբթի, Մայիս 2ին վերջնականացած է Ռուսիոյ միջնորդութեամբ համաձայնութիւն մը, որուն շնորհիւ ահաբեկիչները դուրս պիտի գան Հոմսի հիւսիսը գտնուող երեք գիւղաքաղաքներէ եւ անոր մօտակայ գիւղերէն։ Զինեալները Շաբաթ օր պիտի սկսին ուղղուելու դէպի Թուրքիոյ սահմանակից՝ Իտլիպ ու Ճարապլուս:

Սուրիոյ կառավարութիւնը կը ջանայ նման համաձայնութիւն մը գոյացնել նաեւ Համայի հարաւային գիւղերուն մէջ գտնուող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ Հոմս-Համա միջազգային ճամբան վերաբանալ:

 



comments