By Asbarez | Thursday, 03 May 2018
ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, <<Էրմենիհապեր>>, <<Հիւրրիյէթ>> - Թրքական իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեանց միջեւ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար դաշինք կազմելու որոշումէն ետք, ընդդիմադիր չորս կուսակցութիւններ՝ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդայինը, Ազգայնական շարժումէն անջատուածներուն կազմած <<Լաւ>> կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ժողովրդավար կուսակցութիւնը եւ իսլամական <<Երջանկութիւն>> կուսակցութիւնը սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցին Մայիս 2ին՝ ընտրութիւններուն միացեալ դաշինքով մասնակցելու շուրջ:
Համաձայն տակաւին չստորագրուած արձանագրութեան՝ ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանին ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը պիտի առաջադրէ իր թեկնածուն, սակայն երկրորդ հանգրուանին՝ բոլորը պէտք է աջակցին նշեալ չորսէն ամենաշատ ձայներ ստացած թեկնածուին:
Կուսակցութիւնները միացեալ դաշինքով պիտի մասնակցին նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը պատգամաւորներու իր թեկնածուները պիտի առաջադրէ, սակայն որոշ ընտրաշրջաններու մէջ առաւելագոյն արդիւնք ստանալու համար, բոլորը պիտի պաշտպանեն տուեալ վայրին մէջ յաղթելու ամենամեծ հաւանականութիւնը ունեցող թեկնածուին:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ Յունիս 24ին կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու որոշումը կայացուեցաւ 2016էն ի վեր պարբերաբար երկարաձգուող արտակարգ վիճակի դրութիւնը դարձեալ երկարաձգելու որոշումէն միայն ժամեր առաջ: Այդ որոշումը կը նշանակէ, թէ ընտրութիւնները արտակարգ վիճակի մէջ տեղի պիտի ունենան։ Այլապէս՝ ընտրութիւնները պիտի կայանային 2019ի վերջաւորութեան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ