By Asbarez | Friday, 04 May 2018
ՎԻԵՆՆԱ, <<Ազատութիւն>> - ՄԱԿի հովանիին տակ գործող Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը յայտարարեց, որ որեւէ ցուցանիշ չունի, թէ 2009էն ետք Իրանի մէջ հիւլէական ռումբի պատրաստութեան առնչուած գործունէութիւն գոյութիւն ունի:
Գործակալութեան բանբերը յայտնեց, որ անոր անդամները Դեկտեմբեր 2015ին այս առնչութեամբ զեկուցում ստանալէ ետք դադրեցուցած են հարցը քննարկել՝ աւելցնելով, որ գործակալութիւնը կը սերտէ երաշխիքներուն առնչուած հասանելի բոլոր տեղեկութիւնները:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ապրիլ 30ին յայտարարած էր, որ Թեհրան կը թաքցնէ իր հիւլէական ծրագիրին մէկ մասը՝ պնդելով, որ անոր նպատակը հիւլէական ռումբ ստեղծել է։ Նեթանիահուի յայտարարութիւնը մաս կը կազմէ Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրը վարկաբեկելու իսրայէլամերիկեան արշաւին։
Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ Նեթանիահուի յայտարարութեան մէջ Իրանի կողմէ Վեցեակին հետ կնքուած 2015ի համաձայնութիւնը չյարգելու որեւէ փաստ չէ տեսած:
Գերմանիա նաեւ յայտարարեց, որ մանրամասնօրէն պիտի վերլուծէ Նեթանիահուի տեղեկութիւնները, իսկ Բրիտանիա շեշտեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին նկատմամբ <<երբե՛ք միամիտ չէ եղած>>:
Իր կարգին, Փարիզ յայտարարեց, թէ իսրայէլեան տեղեկութիւնները Իրանի հետ կնքուած համաձայնութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը կ՛ընդգծեն, իսկ ՄԱԿը մերժեց իսրայէլեան պնդումներուն պատճառով փոխել Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրին նկատմամբ իր կեցուածքը:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նշեալ համաձայնագիրը փոխելու ամերիկեան առաջարկին համաձայն չէ՛։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ