Արցախի բանակցութիւնները կրնան սկսիլ Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք. Մոսկուա

By Asbarez | Saturday, 05 May 2018

0505zakh

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա Մայիս 4ին անդրադարձած է Հայաստանի հետ  համագործակցութեան եւ Արցախի հիմնախնդիրի կարգաւորման շուրջ տարուած համատեղ ջանքերուն:

<<Ռուսիա անփոփոխ նպատակ ունի շարունակելու հայ գործընկերներուն հետ իր համատեղ աշխատանքները՝ ուղղուած դաշնակցային գործակցութեան, համագործակցութեան խորացման ու զարգացման>>, ըսած է Զախարովա:

Ըստ անոր՝ Արցախի բանակցային գործընթացին կարելի պիտի ըլլայ վերադառնալ Հայաստանի մէջ իրավիճակի բնականացումէն եւ նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք։

<<Հայաստան այժմ դժուար քաղաքական ժամանակներ կ՛ապրի: Կը կարծեմ, որ պէտք է սպասել, մինչեւ քաղաքական ոլորտին մէջ իրավիճակը վերջնականապէս կայունանայ եւ ժողովուրդը, քաղաքական ուժերն ու քաղաքական շարժումները սահմանադրական դաշտի մէջ գործելով՝ կողմնորոշուին ղեկավար մարմիններ կազմելու հարցով: Այն ատեն կարելի պիտի ըլլայ անդրադառնալ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու քննարկումներուն, որոնց շարքին է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը: Այս հարցով մենք բաւական հետեւողական ենք եւ պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնը տրամադրել հակամարտութեան կողմերուն>>, աւելցուցած է Զախարովա:

 



comments