Ուաշինկթըն պատրաստ է համագործակցելու Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ

By Asbarez | Saturday, 05 May 2018

0505US ARm

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակներէն մէկը Մայիս 3ին յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացը Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի խորհրդարանի անդամներուն ներքին հարցն է՝ աւելցնելով. <<Մենք վստահ ենք, որ անոնք այդ հարցը կը լուծեն խաղաղ ձեւով եւ սահմանադրութեան ու բոլոր կանոններուն համաձայն: Մենք, իբրեւ Հայաստանի բարեկամ երկիր ու գործընկեր, միշտ խրախուսած ենք քաղաքական փակուղիէ դուրս գալու նպատակով կառուցողական երկխօսութեան երթալ: Հիմա եւս կը յորդորենք, որ խաղաղ միջոցներով նոր կառավարութիւն ձեւաւորուի, համաձայն բոլոր կանոններուն եւ ի նպաստ բոլոր հայերու շահերուն>>:

Եզրակացնելով՝ բանբերը ըսած է. <<Հայաստանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը արժէքաւոր գործընկերներ են: Մենք պատրաստ ենք երկու կողմերուն համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն գծով սերտօրէն աշխատիլ նոր կառավարութեան հետ, երբ անիկա կազմուի>>:

 



comments