By Asbarez | Friday, 16 December 2011
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սթիւ Ճապզի ամենամօտ ընկերներէն մէկը՝ Աւետիս Թեւանեան, նշած է, որ «Apple»ի հիմնադիրը տակաւին ողջ պիտի ըլլար, եթէ յամառութիւն չընէր ճիշդ ժամանակին բժիշկներու դիմելու հարցով:
Ըստ Թեւանեանի, Ճապզ երկար ժամանակ զինք կը համոզէր, թէ կրնայ ինքնուրոյն բուժել քաղցկեղը: Անոր խօսքով, «Apple»ի հիմնադիրը եղած է շատ կասկածամիտ եւ չէ վստահած ուրիշներու գաղափարներուն: «Անոր յաճախ կ՛ըսէին, թէ այդ գործը ընելը անհնար է, իսկ ան կը պատասխանէր. «Ես գիտեմ, որ անհնար է, բայց դուք ամէն պարագայի փորձեցէք»», կը պատմէ Թեւանեան:
2004ին Ճապզ համաձայնած է վիրահատուիլ, սակայն արդէն ուշ էր: Ասիկա այն հազուադէպ դէպքերէն էր, երբ Ճապզ խոստովանած է իր սխալը. «Պէտք էր աւելի շուտ ընել վիրահատութիւնը», ըսած է ան:
Նշենք, որ Աւետիս Թեւանեան եղած է Սթիւ Ճապզի լաւագոյն գործընկերը եւ ամենահարազատ անձերէն մէկը: Մինչեւ 2006, ան վարած է «Apple» ընկերութեան ծրագրային ճարտարագիտութիւններու բաժինի տնօրէնի պաշտօնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ