By Asbarez | Wednesday, 09 May 2018
ԹԵԼ ԱՒԻՒ, <<ՌԻԱ Նովոսթի>> - Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, թէ Իսրայէլ պիտի չարտօնէ իր <<հիւսիսային սահմաններուն վրայ թշնամական իրանեան զինուորական ներկայութիւնը>>, միաժամանակ՝ Սուրիոյ մէջ Թեհրանի զինուորական ներկայութեան ուժեղացումը նկատելով Իսրայէլի դէմ ուղղուած գործողութիւն:
Նեթանիահուի համաձայն՝ վերջին ամիսներուն Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ դէպի <<տագնապի գօտի>> կը տեղափոխեն յարձակողական եւ պաշտպանական զէնքեր, ներառեալ՝ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ եւ ցամաքէ ցամաք բնոյթի հրթիռներ:
<<Մենք լի ենք մեր դէմ ուղղուած իրանեան նախայարձակումը կանգնեցնելու վճռականութեամբ, նոյնիսկ եթէ ատիկա նշանակէ տագնապ: Աւելի լաւ է ատիկա հիմա ընել, քան՝ յետոյ>>, ըսաւ Նեթանիահու եւ աւելցուց, որ <<Իսրայէլ չի ձգտիր սրել կացութիւնը, սակայն պատրաստ է որեւէ ընտրանքի>>:
Նեթանիահու այս յայտարարութիւնը կատարած է այն միջոցին, երբ Ուաշինկթըն, Իսրայէլի դրդումով՝ կը քննէ Իրանի հետ կնքուած հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրէն հրաժարելու կարելիութիւնը։
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Մայիս 8ին որոշեց քաշուիլ համաձայնագիրէն։
Այս գծով, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն գերմանական <<Շփիկըլ>> թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած էր, որ Թրամփի՝ Իրանի հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած համաձայնագիրէն հրաժարիլը՝ կրնայ յանգեցնել պատերազմի: <<Իրանի հետ կնքուած համաձայնագիրը տկարացնող որեւէ որոշում կը նշանակէ, որ մենք պիտի բանանք Փանտորայի արկղը, ուստի կրնայ պատերազմ ծագիլ>>, ըսած է ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ