Ասատը պիտի սպաննենք, եթէ շարունակէ Իրանի գործունէութիւնը արտօնել. Իսրայէլացի նախարար

By Asbarez | Wednesday, 09 May 2018

0509Steinits

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, <<Ռոյթըրզ>> - Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Եովալ Շթայնից Մայիս 7ին սպառնաց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը սպաննել, եթէ ան շարունակէ Իրանին արտօնել, որ ազատօրէն գործէ Սուրիոյ մէջ: <<Թեհրան սուրիական հողերը Իսրայէլին սպառնալու իբրեւ հարթակ սկսած է օգտագործելու>>, ըսաւ ան՝ սպառնալով սուրիական վարչակարգը քանդել, եթէ իր երկիրը որեւէ վտանգի ենթարկուի:

<<Թել Աւիւը Իրանի հետ պատերազմով չէ հետաքրքրուած, սակայն անոր պիտի չարտօնէ իր սահմաններուն մօտ տեղակայուիլ>>, յայտնեց Շթայնից: <<Իսրայէլ մինչեւ հիմա սուրիական քաղաքացիական պատերազմին չմիջամտեց>>, պնդեց իսրայէլացի նախարարը՝ անտեսելով այն իրականութիւնը, որ իսրայէլեան ուժերը քանի մը առիթներով ռմբակոծած են Սուրիա գտնուող թիրախներ։ <<Սակայն, եթէ Ասատ Իրանին արտօնէ Սուրիան վերածել մեզի դէմ ուղղուած զինուորական ռազմակայանի՝ սուրիական հողերէն յարձակում գործելու համար, ապա պէտք է իմանայ, թէ իր վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ>>, եզրակացուց Շթայնից:

Միւս կողմէ, իր ինքնութիւնը յայտնել չուզած իսրայէլացի նախարար մը ըսաւ. <<Լիբանանեան ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Լիբանան հաւասար է <<Հըզպալլա>>ին>>>>՝ ակնարկելով Իրանի հերտ սերտ կապեր ունեցող լիբանանեան այս քաղաքական կուսակցութեան, որ իր դաշնակից կուսակցութեանց հետ երեսփոխանական մեծագոյն խմբակը կրցաւ գոյացնել Մայիս 6ի ընտրութիւններուն արդիւնքով։

 



comments