By Asbarez | Wednesday, 09 May 2018
ԱՆԳԱՐԱ, <<Սի.Էն.Էն. Թիւրք>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Մայիս 7ին տրուած պատկերասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Թուրքիան եւս պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ ռուսական <<Էս. 400>> հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման պատճառով Անգարայի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկէ:
<<Յառաջիկայ շաբաթ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնիմ Միացեալ Նահանգներ. մենք պիտի շեշտենք, որ <<Էֆ. 35>> ռազմական օդանաւերու վաճառքի ջնջումը կամ արգելքը անընդունելի քայլ է: Եթէ ամերիկեան կողմը այդպիսի բան ընէ, ապա Թուրքիայէն պիտի ստանայ արժանի պատասխան>>, ըսաւ Չաւուշօղլու:
Նախապէս, Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքըր յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ Անգարային սպառնացած է արգելակել <<Էֆ. 35>> ռազմական օդանաւերու վաճառքը, եթէ Անգարա կարծիքը չփոխէ Ռուսիայէն <<Էս. 400>> հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու ծրագիրին գծով։ Պոզքըրի համաձայն՝ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական համակարգերու գնումը ծայրայեղական քայլ կը նկատուի Ուաշինկթընի մէջ: <<Քոնկրեսին մէջ մտադիր են անոր հետ կապել <<Էֆ. 35>>ի վաճառքի հարցը, եւ Քոնկրեսը կրնայ որոշել անոնց վաճառքը արգիլել>>, մեկնաբանած էր ան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ