By Asbarez | Wednesday, 09 May 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հեթըր Նոուըրթի՝ Աֆրինի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ յայտարարութիւնը:
Թրքական <<Թիւրքիէկազեթեսի>> լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ ամերիկացի բանբերը յայտարարած էր, որ Սուրիոյ հիւսիսը թրքական բանակին կատարած զինուորական գործողութեան պատճառով, Աֆրինի աւելի քան 140,000 բնակիչներ ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուները եւ մինչեւ հիմա չեն կրցած վերադառնալ:
<<Նախ նշենք, որ Աֆրինի բնակիչներուն վերադարձը արգելակողը ինքնին քիւրտ զինեալներն են: Բացի ատկէ, թրքական զինեալ ուժերը այժմ այդ տարածքին մէջ զբաղած է ականազերծումով>>, իր կարգին պնդած է Աքսոյ՝ <<անընդունելի>> որակելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին քննադատական յայտարարութիւնը։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անցած շաբաթավերջին յայտարարած էր, թէ թրքական զինեալ ուժերը տակաւին չեն պատրաստուիր հեռանալու Սուրիոյ հիւսիսէն: Արդարեւ, թրքական բանակը Յունուարին շղթայազերծած էր <<Ձիթենիի ճիւղ>> անունով գործողութիւնը եւ Աֆրինի կեդրոնը գրաւած էր Մարտ 18ին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ