By Asbarez | Thursday, 10 May 2018
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ուաշինկթընը աշխարհի ծաղրին եւ հեգնանքին առարկայ դարձուցած նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Մայիս 8ին դարձեալ կրցաւ իր անձնական գայթակղութիւններէն ժամանակաւորապէս ուշադրութիւն շեղել, այս անգամ՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրը սահմանափակող եւ անոր փոխարէն Իրանի դէմ պարտադրուած տնտեսական շրջափակումը մեղմացնող միջազգային համաձայնագիրէն ինքնագլուխ կերպով հեռանալով։
Որոշումը մաս կը կազմէ ամիսներ առաջ սկսած արշաւին, որ նոր թափ ստացաւ Իսրայէլի մէջ քանի մը շաբաթ առաջ բեմադրուած ձախող ներկայացումով մը, որուն ընթացքին իբրեւ թէ «փաստուեցաւ», թէ Իրան անցեալին սուտ խօսած է իր հիւլէական նպատակներուն գծով։
Յատկանշական է, որ ոչ-վստահելի խորհրդատուներ ընտրելու մէջ մասնագէտ դարձած Թրամփը, այս հարցին մէջ եւս որոշած էր խորհրդատու ընտրել ստախօսութեան մէջ այլ մասնագէտ մը՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, որ նոյնիսկ իր երկրի արդարադատութեան համակարգին կողմէ կը հետապնդուի՝ շարք մը զեղծարարութիւններու համար։
Այս որոշումով, Թրամփ նախընտրած էր անտեսել Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ նման դաշնակիցներու խրատները, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին որոշումը (թիւ 2231 բանաձեւը, որ նեցուկ կը կանգնի Իրան-Վեցեակ համաձայնութեան), ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կարծիքները՝ հետեւելով Իսրայէլի, Սէուտական Արաբիոյ եւ մարդկային իրաւունքները շարունակաբար ոտնակոխող եւ Ուաշինկթընի իսկ յարջորջած ժողովրդավարական սկզբունքերուն կարեւորութիւն չտուող նման շարք մը երկիրներու խրատներուն։
Թրամփի որոշումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ նիւթական եւ գաղափարական խթանները։ Արդարեւ, Իրանը հիւլէական յարձակումի մը թիրախ դարձնելու ջատագով ու միաժամանակ Թրամփի ընտրապայքարին մեծագոյն նուիրատուներէն՝ հրեայ միլիառատէր Շելտըն Էտըլսըն, ինչպէս նաեւ Թրամփի համախոհներ՝ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոփմէօ եւ ազգային ապահովութեան հարցերու նոր խորհրդական Ճան Պոլթըն, տարիներէ ի վեր դէմ կը դնեն Իրանի հետ հարցերը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու տրամաբանական ընտրանքին։ Ասոնց վրայ վերջերս եկաւ աւելնալու Թրամփի նորագոյն փաստաբանը՝ Ռուտոլֆ Ճուլիանին, որ Մայիս 5ին, Իրանի ներկայ վարչակարգին ընդդիմացող եւ մինչեւ վերջերս Ամերիկայի իսկ կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող «Մուճահետին խալք»ի կազմակերպած մէկ հաւաքին ընթացքին, բացայայտօրէն վստահեցուցած էր, որ Սպիտակ տունը համաձայն է նպաստելու Իրանի մէջ իշխանափոխութեան ջանքերուն՝ աւելի յստակ դարձնելով Թրամփի որոշումին դրդապատճառը։
Յատկանշական է նաեւ, որ Իրան Ուաշինկթընի ներկայ վարչակարգին կողմէ կը քննադատուի՝ շրջանի երկիրներու ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու յանցանքով, յանցանք մը, որուն գլխաւոր «մասնագէտ»ը նոյնինքն Միացեալ Նահանգներն է, որ 1950ականներէն ի վեր, սկսելով 1953ին Իրանի ժողովրդավարականօրէն ընտրուած կառավարութիւնը «Սի.Այ.Էյ.»ի միջոցաւ տապալելու քայլով՝ Միջին Արեւելքը ապակայունացնող գլխաւոր դերակատարը կը հանդիսանայ։
Հակադարձելով Թրամփի որոշումին՝ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարեց, թէ այդ քայլը դարձեալ ցոյց կու տայ, որ կարելի չէ վստահիլ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց խոստումներուն, սակայն միաժամանակ խոստացաւ համաձայնութեան միւս գործընկերներուն հետ քննել զայն ողջ պահելու կարելիութիւնները։
Իր կարգին, Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, նշեալ համաձայնագիրը ստորագրած բոլոր կողմերուն դիմելով՝ կոչ ըրաւ պահպանելու զայն, «որովհետեւ անիկա մեր դիւանագիտական կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է», մինչ Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Բրիտանիա եւս միացեալ յայտարարութեամբ մը ցաւ յայտնեցին Թրամփի որոշումին համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ