By Asbarez | Thursday, 10 May 2018
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, <<Նիւ Եորք Թայմզ>> - Եւրոխորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի ատենապետ եւ Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտերս Սամուէլսեն, յանձնախումբին անունով պահանջած է անյապաղ եւ խիստ պատիժ սահմանել եւրոպացի այն պատգամաւորներուն դէմ, որոնք կաշառքներ ստացած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն՝ Պաքուի ի նպաստ քուէներու փոխարէն։
Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ հրապարակուած էր եւրոպացի երեք դատաւորներու յատուկ զեկոյցը, ըստ որուն՝ տասնեակ պատգամաւորներ կաշառքով աչք փակած էին Ալիեւի վարչակազմի ապօրինութիւններուն դիմաց, քուէարկած էին Պաքուի համար նախընտրելի բանաձեւերու ի նպաստ ու լռութեան մատնած էին մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման բազմաթիւ դէպքեր:
Եւրոխորհուրդի նախագահ Միշել Նիքոլեթթիի յղուած նամակին մէջ, Սամուէլսեն կը պնդէ, թէ փորձեր կը կատարուին ձգձելու մեղաւորները պատժելու գործընթացը՝ աւելցնելով, որ «պէտք է անյապաղ եւ վճռական քայլեր առնուին, այլապէս՝ Եւրոխորհուրդի անդամ երկիրներու կառավարութիւնները պիտի պարտադրուին պատժական քայլերու դիմելու»:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ