Իսրայէլեան Նոր Յարձակում Մը Առնուազն 15 Զոհ Կը Խլէ Սուրիոյ Մէջ

By Asbarez | Thursday, 10 May 2018

0510syr

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Չորեքշաբթի, Մայիս 9ին, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարան կազմակերպութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Երեքշաբթի գիշեր, Դամասկոսէն անմիջապէս հարաւ գտնուող Քըսուէ շրջանին մէջ, շատ հաւանաբար Իսրայէլի օդուժին արձակած հրթիռները առնուազն 15 զոհ խլած են Սուրիոյ կառավարութեան համակիր զինեալ ուժերու շարքերէն, ներառեալ՝ 8 իրանցի զինուորականներ։

Նշենք, որ Սուրիոյ պետական աղբիւրներ հաղորդած էին, թէ սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը յաջողած են զգետնել երկու իսրայէլեան հրթիռներ:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 9ին նման յարձակում մը տեղի ունեցած էր նաեւ Հոմսի արեւելեան շրջանը գտնուող Թայֆուր օդակայանին դէմ։

 



comments