By Asbarez | Friday, 11 May 2018
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Մայիս 8ին ունեցած ելոյթի մը ընթացքին դարձեալ արտայայտուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ ասպարէզ կարդալով Ցեղասպանութեան <<պնդում>>ները կատարողներուն։
<<Այսօր Թուրքիոյ զինուորական ուժերը ամբողջովին բացած են իրենց արխիւները, եւ անոնք ուսումնասիրութիւններու տրամադրութեան տակ են։ Բացուած են նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան արխիւները։ Ո՛վ ուզէ՝ թող գայ եւ ուսումնասիրէ։ Շարունակ այս կոչը ըրի մասնաւորաբար բոլոր անոնց, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կը խօսին։ Եթէ կ՛ուզէք՝ հրամմեցէ՛ք, եկէ՛ք։ Մենք բացեր ենք մեր արխիւները, եթէ դուք ունիք՝ դո՛ւք ալ բացէք ձեր արխիւները։ Բայց ասոնք, միանալով իրենց Սփիւռքին՝ ուրիշ ոչի՛նչ կ՛ընեն բացի արատաւորելէ Թուրքիան։ Ուրիշ ոչի՛նչ կ՛ընեն բացի Թուրքիոյ դէմ արշաւներ կազմակերպելէ։ Առատ դրամ ալ ունին։ Կը ջանան Թուրքիան ձգել յանցաւորի դիրքին մէջ։ Պիտի չյաջողի՛ն։ Որովհետեւ մենք իրաւացի՛ ենք>>, ըսաւ Էրտողան՝ կրկելով, որ <<Թուրքիան ցեղասպանական անցեալ չունի>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ