Իրանի Հետ Հիւլէական Համաձայնագիրէն Քաշուելու Թրամփի Որոշումին Դէմ Քննադատութիւնները Կը Շարունակուին

By Asbarez | Friday, 11 May 2018

0511Iran-US

ԹԵՀՐԱՆ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի յայտարարեց. <<Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին խօսքը անհեթեթ է եւ ցած մակարդակի>>, ապա խօսքը Թրամփին ուղղելով՝ ըսաւ. <<Սխալ գործեցիր եւ խօսքիդ ընթացքին աւելի քան տասը անգամ սուտ խօսեցար>>:

<<Եւրոպական երեք երկիրներէն առանց բաւարար երաշխիքներ առնելու՝ անոնց հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ այս համաձայնագիրին մէջ մնալը տրամաբանական չի թուիր>>, յայտնեց Խամենէի՝ աւելցնելով. <<Իրան հաստատ եւ ուժեղ պիտի մնայ՝ հակառակ սպառնալիքներուն>>:

Միւս կողմէ, իրանցի երեսփոխանները իրենց երկրի խորհրդարանին մէջ այրեցին ամերիկեան դրօշը եւ Թրամփը մեղադրեցին <<հարցեր լուծելու համար անհրաժեշտ մտաւոր կարողութիւնները չունենալու>> յանցանքով: Իրանցի երեսփոխանները նաեւ Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրի խորհրդանշական պատճէնը հրկիզելէ ետք՝ որոշեցին աւելցնել երկրի հրթիռային ծրագիրին համար յատկացուող միջոցները:

Նշենք, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային կազմակերպութիւնը Մայիս 9ին յայտարարեց. <<Իրան մինչեւ հիմա յանձնառու է հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրին>>:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւս նոյնիմաստ յայտարարութիւն մը կատարեց, մինչ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին խոր դժգոհութիւն յայտնեց Թրամփի որոշումին առթիւ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս ցաւ յայտնեց Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրէն դուրս գալու Միացեալ Նահանգներու որոշումին համար եւ յայտարարեց, որ յանձնառու կը մնայ այդ համաձայնագիրի պաշտպանութեան:

Սուրիա խստիւ դատապարտեց Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրը չեղեալ համարելու Թրամփի որոշումը՝ վերահաստատելով իր ամբողջական զօրակցութիւնը Իրանին եւ վստահեցնելով, որ Իրան դիւրաւ պիտի շրջանցէ ամերիկեան վարչակազմին ցուցաբերած թշնամական այս կեցուածքը: Դամասկոս շեշտեց, թէ Թրամփ անգամ մը եւս փաստած է, որ Ամերիկա չի յարգեր միջազգային համաձայնութիւնները:

Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամա <<լուրջ սխալ>> նկատեց Իրանի հիւլէական ծրագիրի համաձայնագիրէն Միացեալ Նահանգներու դուրս գալու մասին Թրամփի որոշումը՝ աւելցնելով. <<Վստահ եմ, որ ծրագիրը սպառնալիքի տակ դնելու որոշումը՝ առանց Իրանի կողմէ համաձայնագիրի խախտումներու, լո՛ւրջ սխալ է: Այս պատճառով, Միացեալ Նահանգները վերջին հաշուով կրնայ պարտուած դուրս գալ այս հարցէն>>։

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն Թրամփի որոշումը նկատեց <<մե՛ծ սխալ>>՝ զգուշացնելով, որ պատժամիջոցներուն վերականգնումը պիտի ըլլայ աւելի դժուար: <<Իրանի հետ գոյացած համաձայնագիրէն դուրս գալը մեծ սխալ է եւ վնաս կը հասցնէ Ամերիկայի հաւաստիութեան: Իրանը այժմ աւելի վտանգաւոր է, ուստի՝ յաջորդ ծրագիրը ի՞նչ է: Ոեւէ մէկը, որ կը կարծէ, թէ պատասխանը ռմբակոծման գործողութիւնները կրնան ըլլալ, մեծապէս ապակողմնորոշող տեղեկութիւններու տէր անձ է>>: Ան զգուշացուց նաեւ, որ Իրանը երկրորդ անգամ բանակցութիւններու սեղան բերելը պիտի ըլլայ նախորդէն աւելի դժուար, <<մանաւանդ որ մեր վարկը աղաւաղուեցաւ>>, աւելցուց ան։ <<Դժուար պիտի ըլլայ նաեւ դիմակայել միւս վտանգները, ինչպէս՝ հեռահաս հրթիռները եւ ահաբեկչութիւնը: Իսկ հիմա որեւէ ճնշումի լծակ չունինք, եւ Իրան կրնայ իր ուզա՛ծը ընել>>, եզրակացուց ան:

 



comments