Թուրքիոյ Խորհրդարանը Մերժեց Փայլանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Պահանջով Օրինագիծը

By Asbarez | Saturday, 12 May 2018

0512Paylan

ՊՈԼԻՍ, <<Ակօս>>.- Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման պատասխանեց ընդդիմադիր եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ անոր զոհերու ժառանգորդներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու մասին դիմումին:

Քահրաման յայտարարեց, որ նման պահանջի մը կատարումը կը հակասէ թուրք ժողովուրդին ազգային գիտակցութեան ու պատմութեան: Խորհրդարանի նախագահութիւնը նաեւ մեղադրեց հայազգի պատգամաւորը՝ <<թուրք ժողովուրդի անցեալն ու Թուրքիոյ պետութիւնը վիրաւորելով՝ խորհրդարանի կանոնակարգի 67րդ կէտը խախտելուն համար>>:

Նախագահութիւնը մերժեց Փայլանի առաջարկած օրինագիծը եւ ետ ուղարկեց զայն պատգամաւորին՝ <<անհրաժեշտ ուղղումներ>> իրականացնելու համար:

Իր օրինագիծով, Փայլան մասնաւորապէս պահանջած էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բացառել հասարակական վայրերը ոճրագործներու անուններով կոչելը ու քաղաքացիութիւն շնորհել Ցեղասպանութեան զոհ գացած կամ անկէ տուժած հայերու ժառանգորդներուն:

<<Ցեղասպանութենէն ետք ողջ մնացած հայերը 103 տարիէ կը պայքարին իրենց գլխուն եկած ողբերգութեան հետ կապուած արդարութիւնը վերականգնելու համար: Սակայն, Ցեղասպանութենէն տուժած միլիոնաւոր հայեր արդէն իսկ հրաժեշտ տուած են կեանքին՝ առանց ճաշակելու արդարութեան հասնելու զգացումը: Այն վայրը, ուր պէտք է քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ խորհրդարա՛նն է. երբ այդ կատարուի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի դադրի այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ քննարկուելիք հարց դառնալէ>>, ըսած էր Փայլան:

 

comments

Advertisement