Ազդեցիկ Դէմքեր Կը Հեռացուին Լիբանանի Մուսթաքպալ Կուսակցութենէն

By Asbarez | Tuesday, 15 May 2018

0515leb

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արեւելք>> - Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութեանց ոչ գոհացուցիչ արդիւնքներ արձանագրելէ ետք, վարչապետ Սաատ Հարիրիի <<Մուսթաքպալ>> կուսակցութեան ղեկավարութեան մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։ Նախ, վարչապետի գրասենեակի ղեկավար Նատեր Հարիրի Մայիս 13ին <<հրաժարեցաւ>>, որմէ ետք սիւննիներու զօրաւորագոյն քաղաքական ուժը հանդիսացող այս կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարութիւնը յայտարարեց, թէ Հարիրի պաշտօնանկ ըրած է երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ Մահեր Ապու Խուտուտ եւ Ուիսամ Հարիրի:

Յիշեցնենք, որ Նատեր Հարիրի կեդրոնական դեր ունեցած է Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային Ազատ հոսանքին միջեւ համաձայնութիւն կնքելու ջանքին մէջ, ինչին իբրեւ արդիւնք՝ զօր. Միշել Աուն Լիբանանի նախագահ ընտրուեցաւ:

 



comments

Advertisement