Պաքու պատրաստ է աշխոյժ բանակցութիւններու. Մամետեարով

By Asbarez | Wednesday, 16 May 2018

0516mamed2

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ատրպէյճանի <<Հաքքին>> լրատու գործակալութիւնը կր հաղորդէ, թէ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ Մայիս 15ին կայացած հանդիպման ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով վստահեցուցած է, որ Պաքու պատրաստ է աշխոյժ բանակցութիւններու՝ Արցախի հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման համար:

Խորհրդակցութեանց ընթացքին քննարկուած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն կողմէ բանակցային գործընթացի յառաջխաղացման նպատակով ձեռնարկուելիք քայլերը եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը:

 



comments

Advertisement