Քրտամէտ կուսակցութիւնը կը խոստանայ Հայ-Թրքական սահմանը բանալ առանց նախապայմաններու

By Asbarez | Wednesday, 16 May 2018

 

0516Demirtas

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Անգարայի <<Հիլթըն>> պանդոկին մէջ Մայիս 15ին կայացած է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ժողովը, որուն ընթացքին հրապարակուած է կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը, որ կեանքի պիտի կոչուի՝ եթէ կուսակցութիւնը յաղթանակ արձանագրէ Յունիս 24ին Թուրքիոյ մէջ կայանալիք կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին:

Ըստ թրքական <<Մայնեթ>> լրատուական կայքին՝ վերոնշեալ ծրագիրի հեղինակն է բանտարկուած Սալահետտին Տեմիրթաշը, որ նաեւ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածուն կը հանդիսանայ:

Ծրագիրին մէջ կը խօսուի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մարզերուն մէջ իրականացուելիք քայլերու եւ փոփոխութիւններու մասին: Արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հատուածին մէջ ակնարկութիւն կայ նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Հոն կ՛ըսուի. <<Հայաստանի նկատմամբ կիրառուող տնտեսական արգելքը պիտի վերացուի, տնտեսական ոլորտէն ներս պիտի առնուին անհրաժեշտ քայլեր եւ պիտի զարգանան քաղաքական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Թուրքիոյ կողմէ միակողմանի կերպով փակուած հայ-թրքական սահմանը պիտի բանանք՝ առանց նախապայմաններու, եւ պիտի աջակցինք Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն>>:

Միւս կողմէ, քրտամէտ կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Մայիս 15ին հաղորդած է, թէ յաջորդ օրը վերջապէս պիտի տեսակցի Տեմիրթաշի հետ, որ 2016էն ի վեր բանտարկուած կը մնայ։ Փայլան այս մասին գրած է. <<Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը 18 ամիս ետք բաւարարեց դիմումս՝ Սալահետտին Տեմիրթաշին հետ տեսակցելու վերաբերեալ: Անիկա իմ ներկայացուցած 86րդ դիմումն էր: Եթէ Տեմիրթաշին ուղղելիք հարցումներ կամ առաջարկութիւններ ու ողջոյններ կ՛ուզէք յղել, ապա գրեցէ՛ք ինծի: Վաղը կը փոխանցեմ իրեն>>:

 



comments

Advertisement