Կարսի մէջ Թուրքիա-Ատրպէյճան միացեալ ռազմափորձեր՝ Մայիս 29-31

By Asbarez | Wednesday, 16 May 2018

0516turk-azerbaijan

ՊԱՔՈՒ - Ատրպէյճանական <<Ազերի Տիֆենս>> կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս 29էն 31, Կարսի մէջ տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու միացեալ ռազմափորձեր:

Ատրպէյճանէն ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին Նախիջեւանի առանձին համազօրային բանակի ստորաբաժանումները: Ըստ ատրպէյճանական կայքին՝ Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած զօրավարժութեանց ընթացքին, Մայիսի վերջաւորութեան կայանալիք ռազմափորձերուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է Թուրքիոյ զինուորական ուժերու հրամանատարութեան ներկայացուցիչ մը:

Յատկանշական է, որ Թուրքիոյ սպայակոյտի կայքը, ինչպէս նաեւ պետական այլ պատասխանատու մարմիններ, ցարդ Մայիսի զօրավարժութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն չեն փոխանցած, սակայն նախապէս հաղորդուած էր, որ Ապրիլէն մինչեւ Յունիս 13 ինկող ժամանակահատուածին ռազմափորձեր պիտի կայանան Կարս գտնուող <<Աքպապա>> զօրավարժարանին հետ համագործակցութեամբ:

Աւելցնենք, որ Կարսի մէջ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան ձմեռնային զօրավարժութիւն կատարած էին 2014ին, իսկ 2017ի Յունիսին Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու միացեալ այլ ռազմափորձ մը:

Ատրպէյճանէն զինուորականներ արդէն իսկ կը մասնակցին Թուրքիոյ մէջ մօտաւորապէս մէկ ամիս տեւող <<Էֆես-2018>> միջազգային զօրավարժութեան: Այդ ռազմափորձերուն կը մասնակցին մօտաւորապէս 7500 զինուորներ, որոնցմէ 950ը՝ Ատրպէյճանէն։ Մասնակիցներու շարքին են Միացեալ Նահանգներէն, Վրաստանէն եւ 21 այլ երկիրներէ զինուորներ: Զօրավարժութեանց հետեւելու համար Թուրքիա այցելած էր նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով:

 

comments

Advertisement