Թուրքիա Իտլիպ նահանգին մէջ հսկողութեան 12 կէտեր կը հաստատէ

By Asbarez | Wednesday, 16 May 2018

0516Idlib

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ակունք>> - Թուրքիոյ զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ Մայիս 14ին թրքական 11 հսկողութեան կէտեր հաստատած է հիւսիսային Սուրիոյ բռնագրաւուած Իտլիպ նահանգին մէջ՝ <<լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ զինադադարը վերահսկելու համար>>։

Կ՛ակնկալուի, որ վերջին՝ 12րդ դիրքը հաստատուի այս շաբթուան ընթացքին:

Ռուսական <<ՌԻԱ Նովոսթի>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ այս մասին խօսելով՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Անգարա կը յուսայ, որ թրքական բանակի հսկողութեան այս կէտերուն հաստատումը Իտլիպի մէջ իրավիճակը կայունացնէ։

Նշենք, որ վերջին քանի մը ամիսներուն, Սուրիոյ կառավարութեան հակակշիռին տակ անցած շարք մը շրջաններէ իսլամ ծայրայեղական հազարաւոր զինեալներ Իտլիպ փոխադրուած են։

Թուրքիոյ զինուորական ուժերը Իտլիպ սկսած էին հաստատուելու 2017ի Հոկտեմբերէն ի վեր, այդ գծով Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք։ Բացի Իտլիպ նահանգէն, Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ կը գտնուին նաեւ Ճարապլուսի եւ Ազազի միջեւ հատուած մը, զոր թրքական բանակը գրաւած էր 2016-2017ին, <<Եփրատի վահան>> գործողութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ Աֆրին շրջանը, որ բռնագրաւուած էր 2018ի Յունուարին սկսած <<Ձիթենիի ճիւղ>> գործողութեամբ։

 



comments

Advertisement