Էրտողան բողոքի ցոյցերով դիմաւորուած է Լոնտոնի մէջ

By Asbarez | Wednesday, 16 May 2018

 

0516London erdogan-

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Խումբ մը քաղաքացիներ Մայիս 14ին բողոքի ցոյցով մը դիմաւորած են Լոնտոն այցելած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը։

Ցոյցին մասնակիցները կոչ ըրած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ անյապաղ ազատ արձակեն բանտարկուած ընդդիմադիր գործիչներն ու լրագրողները:

Իր կարգին, բրիտանական մամուլը քննադատած է Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյը, Էրտողանի նման բռնապետի մը հետ հանդիպելուն համար, իսկ <<Լրագրողներ առանց սահմաններու>> միջազգային կազմակերպութեան Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ Ռեպեքա Վինսընթ, որ մասնակցած էր վերոնշեալ բողոքի ցոյցին, <<Թուիթըր>>ի վրայ աւելի ուշ կոչ կատարած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ վերջ դնեն ամէն տեսակի բռնաճնշումներու:

 



comments

Advertisement