Ուաշինկթըն դէմ կը դնէ Իսրայէլի նորագոյն սպանդը հետաքննելու ՄԱԿի փորձին

By Asbarez | Wednesday, 16 May 2018

 

0516isra

ՄԱԿ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>>.- ՄԱԿի դիւանագիտական աղբիւրներ Մայիս 15ին հաղորդեցին, թէ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները դէմ դրած են մէկ օր առաջ բռնագրաւեալ Կազայի սահմանին վրայ տեղի ունեցած մօտաւորապէս 60 պաղեստինցիներու սպանութիւնները հետաքննելու փորձին։ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մերժուած բանաձեւին մէջ նաեւ զայրոյթ արտայայտուած էր անզէն պաղեստինցի ցուցարարներու սպանութեան գծով։

Յիշեցնենք, որ սպանդը հետեւանք էր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու մասին նախագահ Տանըլտ Թրամփի անպատասխանատու որոշումին, որ դատապարտուեցաւ միջազգային համայնքին կողմէ։

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապաս եռօրեայ սուգ յայտարարած է, իսկ Մայիս 15ին, մինչ պաղեստինցիները հողին կը յանձնէին իրենց պայքարի նորագոյն զոհերը, անպատիժ մնացող իսրայէլացի զինուորներ սահմանին վրայ պաղեստինցի երկու ցուցարարներ եւս սպաննեցին։ Թրամփի նշեալ ապակայունացնող որոշումէն ի վեր, առնուազն 107 պաղեստինցի ցուցարարներ սպաննուած են իսրայէլացի զինուորներու ձեռամբ, մինչ Իսրայէլ, որ կը պնդէ, թէ ինքնապաշտպանութեան համար կը դիմէ այս զինեալ յարձակումներուն, ո՛չ մէկ մարդկային զոհ տուած է։

Նշենք, որ այս մասին հարցումներու պատասխանելով՝ Սպիտակ տունը նշեալ սպանդներուն պատասխանատուն համարած է… պաղեստինցիները։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս Կազայի մէջ Իսրայէլի արարքները <<ցեղասպանութիւն>> որակեց՝ աւելցնելով. <<Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն մըն է, եւ Կազայի մէջ անոր քայլերը այս մէկը հաստատող փաստեր են: Ցաւալի է՛, որ Միացեալ Նահանգները, հակառակ այս բոլորին, կը շարունակէ համագործակցիլ Իսրայէլի հետ, այնպէս, ինչպէս նախապէս կը համագործակցէր Սուրիոյ քիւրտերուն կամ <<Իսլամական պետութեան>> հետ, թէեւ պնդելով, որ կը պայքարի այդ ուժերուն դէմ։ Այն երկիրները, որոնք միշտ մեզ կը դատապարտեն ահաբեկչութեան դէմ մեր պայքարին ընթացքին, հիմա անձայն կը մնան։ Անոնք հիմա պէտք է իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնեն>>։

Նշենք, որ Էրտողան նաեւ խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի մօտ իր դեսպանները, մինչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը փոխանցեց Թուրքիոյ մօտ Իսրայէլի դեսպանին, որ <<յարմար կ՛ըլլայ>>, եթէ ան <<որոշ ժամանակով>> Իսրայէլ վերադառնայ։

 



comments

Advertisement