Էրտողան Իսրայէլին ահաբեկիչ կ՛ըսէ, բայց կը շարունակէ առեւտուր ընել անոր հետ - Փայլան

By Asbarez | Friday, 18 May 2018

0517trk isra

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխհամանախագահ, հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է վերջին օրերուն Թուրքիոյ նախագահին կողմէ սաստկացած հակաիսրայէլեան յայտարարութիւններուն:

Կարօ Փայլան <<Թուիթըր>>ի իր էջին վրայ գրած է. <<Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը նկարահանման գործիքներու առջեւ Իսրայէլը ահաբեկիչ կ՛անուանէ, սակայն կը շարունակէ անոր հետ առեւտուր ընել>>:

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահը խիստ քննադատութեան ենթարկած էր Իսրայէլը, Երուսաղէմի մէջ ամերիկեան դեսպանատան բացման դէմ բողոքող պաղեստինցիներու սպանդին համար:

 

comments

Advertisement