Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրը փոփոխութեան կարիք չունի. Մոկերինի

By Asbarez | Friday, 18 May 2018

0518Zarif

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, <<Ռոյթըրզ>> - Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, թէ Իրանի հետ անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած պատմական համաձայնագիրը փոփոխութեանց կարիք չունի:

<<Մենք կ՛աշխատինք յստակ եւ գործնական լուծումներու վրայ: Համաձայնագիրը բաւական բարդ է եւ մանրամասնուած>>, աւելցուցած է ան՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք։

Այդ հանդիպումին աւելի ուշ միացած են նաեւ Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները՝ յայտարարելով, թէ համաձայնագիրը պահպանելու շուրջ քաղաքական համաձայնութիւն գոյացած է:

Յիշեցնենք, որ Մայիս 8ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ իր երկիրը դուրս պիտի գայ 2015ին Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնագիրէն՝ հրամայելով անյապաղ աշխատանքներու սկսիլ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերականգնման ուղղութեամբ:

 

 

comments

Advertisement