By Asbarez | Saturday, 19 May 2018
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Ուրբաթ, 18 Մայիսին ընդունեց Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:
Դեսպանը շնորհաւորեց Դաւիթ Տօնոյեանը՝ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ եւ մաղթեց յաջողութիւն իր գործունէութեան մէջ: Պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց մաղթանքին համար եւ նշեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ զարգացնել յարաբերութիւնները դաշնակիցներու հետ եւ զուգահեռաբար ընդլայնել գործընկերային համագործակցութիւնը:
Հահնդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան հայ-ամերիկեան պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան օրակարգային հարցերու, տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ վերահաստատեցին փոխգործակցութիւնը զարգացնելու պատրաստակամութիւնը:
Հանդիպումէն ետք պաշտպանութեան նախարարը եւ դեսպանը մասնակցեցան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ Մայիս 14-18 իրականացած Պաշտպանութեան կառավարման հարցերով միջգերատեսչական դասընթացքի մասնակիցներու աւարտական հաւաստագիրներու յանձնման արարողութեան: Նշեալ միջոցառումը իրականացած է հայ-ամերիկեան պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան շրջագիծէն ներս՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանական հնարաւորութիւններու կառավարման հիմնարկի փորձագէտներու կողմէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ