Վարչապետը Աշխատանքային Ճաշ Ունեցաւ Մոսկուայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0615nikol-moscow

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հինգշաբթի, 14 Յունիսին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ աշխատանքային ճաշ ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, որոնց շարքին կային նաեւ յայտնի գործրարներ:

Վարչապետը ներկաներուն զեկուցեց տնտեսութեան ոլորտին մէջ կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն մասին, անդրադարձաւ հարկային, մաքսային վարչարարութեան պարզացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ գործարար միջավայրի բարելաւման միտուած քայլերուն:

Փաշինեան ընդգծեց հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն հետեւողական զարգացման  ու գործարար կապերու շարունակական ընդլայնման կարեւորութիւնը:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճով, համատեղ նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացումով եւ պատրաստ է այդ ուղղութեամբ իրականացնելու անհրաժեշտ քայլեր:

Նոյն օրը առաւօտուն, վարչապետ Փաշինեան այցելած էր Մոսկուայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վանական համալիր, ուր անոր դիմաւորած էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեան: Վերջինիս ուղեկցութեամբ՝ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Սուրբ Պայծառակերպութեան Մայր Տաճար, ուր կատարուեցաւ մոմավառութիւն:

Եզրաս սրբազանի առաջնորդութեամբ՝ հոգեւոր դասը աղօթք հնչեցուց աշխարհի խաղաղութեան եւ Հայաստանի բարօրութեան համար: Վարչապետը նաեւ շրջայց կատարեց <<Տապան>> թանգարանին մէջ, ուր ներկայացուած են հայկական մշակոյթին վերաբերող եւ հայ եկեղեցւոյ պատկանող ցուցանմուշներ:

 


0615medvedev

Այնուհետեւ, Նիկոլ Փաշինեան այցելեց նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի անուան վարժարանը, որ իր գործունէութիւնը պիտի սկսի Սեպտեմբերին: Վարժարանը կրնան յաճախել մինչեւ 200 աշակերտներ: Վարչապետը ծանօթացաւ վարժարանի հնարաւութիւններուն: Նշուեցաւ, որ անիկա կահաւորուած է լաւագոյն գոյքերով ու սարքերով: Վարժարանին մէջ պիտի դասաւանդեն բարձ որակաւորում ունեցող դասախօսներ: Նաեւ, վարժարանը նախատեսուած է տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներու կրթութեան համար: Դասաւանդուող նիւթերու շարքին է նաեւ հայերէնը: Վարժարանը հիմնուած է Եզրաս սրբազանի հովանիին տակ:

13 Յունիսին մեկնարկած երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ վարչապետը արդէն ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց շարքին ան հանդիպեցաւ նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Տիմիթրի Մետւետեւի հետ:


comments

Advertisement