Մոսկուայի Կեդրոնական Թանգարանին Մէջ Կը Բացուի Համազասպ Բաբաջանեանի Կիսանդրին

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0615nikol-hamazasb

Մեծ հայրենական պատերազմի Մոսկուայի կեդրոնական թանգարանին մէջ, 14 Յունիսին կատարուեցաւ զրահահրասայլային զօրքերու գլխաւոր մարաջախտ, Խորհրդային Միութեան հերոս՝ Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրիի բացումը:

Կիսանդրին թանգարանին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ փոխանցեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ վարչապետի տիկինը՝ Աննա Յակոբեանը, Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարդան Տողանեան, հասարակական, մշակութային գործիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ողջունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, դիւանագիտական եւ հասարակական գործիչները՝ թանգարանի տնօրէն Ալեքսանդր Շքոլնիք նշեց, որ Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրին իր արժանի տեղը պիտի ունենայ թանգարանին մէջ:

<<Հայրենական մեծ պատերազմին հայ ժողովուրդի ներդրումը յաւերժօրէն կը մնայ պատմութեան մէջ: Պատերազմի տարիներուն, առաջնագիծին վրայ մարտնչեցան հայ ազգի հարիւր հազարաւոր տղաներ եւ աղջիկներ, որոնցմէ 70 հազարը արժանացաւ զանազան պարգեւներու: Անոնց անունները, անոնց մասին պատմող նիւթերը կրնաք գտնել մեր թանգարանին մէջ: Ամիսներ առաջ մեր թանգարանին փոխանցուեցաւ Հայրենական Մեծ պատերազմի հերոս մարաջախտ Բաղրամեանի կիսանդրին. այսօր հպարտութեամբ կը ցուցադրենք եւս մէկ հերոսի կիսանդրի: Մենք պէտք է մեր հերոսներու սխրագործութիւններուն մասին տեղեկութիւնները եւ պատմութիւնները պահպանենք ու փոխանցենք նոր սերունդին: Յատուկ շնորհակալութիւն կիսանդրիի հեղինակներուն, զայն ստեղծելու գործին մէջ ներդրում ունեցողներուն>>, ըսաւ Ալեքսանդր Շքոլնիք:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իր հերթին նշեց, որ Մեծ հայրենականը ծանր փորձութիւն էր խորհրդային երկիրներու բոլոր ժողովուրդներուն, ներառեալ հայ ժողովուրդին համար: Ճակատամարտ մեկնած բազմաթիւ հայեր չվերադարձան. անոնց մէջ էր իր մեծ հայրը, որուն անունը եւ մականունը կը կրէ ինք:

<<Ինծի համար մեծ պատիւ է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հերոս Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրին թանգարանին փոխանցելը: Համազասպ Բաբաջանեան յայտնի է իր սխրագործութիւններով. ան մարտնչեցաւ ճակատամարտերու մէջ՝ ազատագրելով քաղաքներ, գիւղեր: Անոր սխրագործութիւնները հետք ձգած են հայոց պատմութեան մէջ: Մեր պարտքն է պահպանել եւ փոխանցել երիտասարդ սերունդին այդ մեծ գործին յիշատակը>>, ըսաւ վարչապետը: Ան ընդգծեց, որ այսօրուան հանդիսաւոր ձեռնարկը կը վկայէ, որ Հայաստան եւ Ռուսիա բարձր կը գնահատեն իրենց հերոսներն ու անոնց վերաբերեալ յիշողութիւնները պահպանելով՝ կը փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն:

Կիսանդրիի հեղինակ Աշոտ Թադեւոսեան նշեց, որ հպարտութեան զգացումով կատարած է այս աշխատանքը եւ շատ ուրախ է, որ այսօր հերոս Համազասպ Բաբաջանեանի կիսանդրին իր արժանի տեղը կ՛ունենայ թանգարանին մէջ:

 

comments

Advertisement