Ատրպէյճան Եւ Ռուսիա Կ՛ողջունեն Համագործակցութեան Մակարդակը

By Asbarez | Friday, 15 June 2018

0614aliyev

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Էյ.Փի. Էյ>>.- Չորեքշաբթի, Յունիս 13ին, Մոսկուայի մէջ կայացած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը:

Նախագահները ողջունած են երկկողմանի տնտեսական, քաղաքական եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմանի գործակցութեան բարձր մակարդակը, իսկ Փութին նշած է, որ անցեալ տարի երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան աճը եղած է 34.4 տոկոս, իսկ այս տարուան առաջին եռամսեակին՝ մօտաւորապէս 19 տոկոս։

<<Ինչ կը վերաբերի քաղաքական բաղկացուցիչին, ապա հոն նոյնպէս ամէն ինչ կայուն է>>, աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը։

Իր կարգին, Ալիեւ ըսած է, թէ կարելիութիւններ կան ընդարձակելու երկկողմանի յարաբերութիւնները։


comments

Advertisement