Արծուիկ Մինասեան Հանդիպեցաւ Շնայտըր Կրուփ Ընկերութեան Հիմնադիր Ուլֆ Շնայտերի Հետ

By Asbarez | Wednesday, 20 June 2018

0620shneider
ԵՐԵՒԱՆ - Երկուշաբթի, 18 Յունիսին, Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցաւ գերմանական <<Շնայտըր Կրուփ>> (Schneider Group) ընկերութեան հիմնադիր եւ OWC հրատարակչութեան արտաքին տնտեսական հարցերու գործադիր տնօրէն Ուլֆ Շնայտերի հետ:

Շնայտեր նախարարին տեղեկացուց, որ կը նախատեսեն ընկերութեան գրասենեակ բանալ Հայաստանի մէջ: Նախարարին ներկայացնելով ընկերութեան գործունէութիւնը՝ Ուլֆ Շնայտեր յայտնեց , որ <<Շնայտըր Կրուփ>>ը գործարարութեամբ զբաղելու ուղղութեամբ ծառայութիւններ կը մատուցէ աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ: Մասնաւորապէս, մատուցուող ծառայութիւններուն մէջ կը մտնեն շուկայ մուտք գործելու ռազմավարութեան մշակում, հաշուապահութիւն, հարկային, արտածման հարցերով խորհրդատուութիւններու տրամադրում, վէճերու լուծման իրաւական աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական զանազան հարցերու գծով խորհրդատուութիւններու տրամադրում:

Նախարար Մինասեան ողջունեց <<Շնայտըր Կրուփ>> ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ գրասենեակ բանալու նախաձեռնութիւնը՝ յայտնելով գերատեսչութեան իրաւասութիւններու սահմաններէն  ներս ընկերութեան հետ համատեղ աշխատանքի պատրաստակամութիւնը:

 

comments

Advertisement