Ռուսիա Հայաստանին Պիտի Մատակարարէ Սու-30 Ռազմական Օդանաւեր

By Asbarez | Wednesday, 20 June 2018

0620SU30a

Կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն՝ շուտով Հայաստան Ռուսիայէն կրնայ ստանալ Սու-30 (Su-30) ժամանակակից կործանիչ ռազմական օդանաւեր, որոնք լուրջ յաղթաթուղթ կրնան ըլլալ Ատրպէյճանի հետ հաւանական պատերազմի պարագային: Այս մասին կը տեղեկացնէ <<Սփութնիք>> լրատուական գործակալութեան հայաստանեան գրասենեակը:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի լուսանկարը՝ Սու-30 ՍՄ կործանիչի խցիկին մէջ, առիթ է ենթադրելու, որ շուտով այդ մարտական օդանաւերը կ՛առաքուին Հայաստան:

Նշենք, որ 17 Յունիսին, Փաշինեան լուսանկարուած էր Սու-30 ՍՄի խցիկին մէջ եւ զայն հրապարակած <<Ֆէյսպուք>>ի իր էջին վրայ:

<<Աշխարհի լաւագոյն կործանիչներէն մէկուն օդաչուի խցիկին մէջ եմ: Արդէն Երեւան կը գտնուիմ>>, գրած է վարչապետը: Լուսանկարը առնուած է Էրեբունի օդակայանին մէջ, ուր Հայաստանի վարչապետը ժամանած էր Արցախէն: Ռազմական օդանաւը, որ յայտնուած էր Փաշինեանի էջին մէջ, կը պատկանի ռուսական ռազմատիեզերական ուժերուն, անիկա Հայաստան ժամանած է կործանիչներու խումբի կազմին մէջ՝ ուսումնական թռիչքներու եւ հայ գործընկերներուն հնարաւորութիւնները ցուցադրելու համար:

<<Սփութնիք>>ի աղբիւրները, որոնք մօտ են Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան, կը յայտնեն, թէ Հայաստան Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ կը վարէ այդ ռազմական օդանաւերէն գնելու համար: Այս կործանիչները արդէն մէկ կամ մէկուկէս տարիէն կրնան համալրել հայկական բանակի զինանոցը: Հայկական բանակին մէջ կան բաւական հինցած Սու-25 գրոհային օդանաւեր:

Ըստ ռազմական փորձագէտ Լէոնիդ Ներսիսեանի՝ Սու-30ի նման արդիւնաւէտ օդանաւերով բանակի համալրումը Հայաստանին թոյլ կու տայ ոչ միայն պարզապէս պատասխանել Ատրպէյճանի գործողութիւններուն՝ հաւանական մարտական գործողութիւններու ընթացքին, այլ իր <<խաղը>> թելադրել օդին մէջ:

Ըստ Ներսիսեանի՝ այդ ռազմական օդանաւերը աժան չեն՝ նոյնիսկ անոր գինը զեղչելու պարագային։ Ռուսիան զանոնք կը տրամադրէ ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութիւն) երկիրներու շրջանակին մէջ: Ղազախստան նոյն ռազմական օդանաւին համար վճարած է շուրջ 22.5 միլիոն տոլար՝ առանց զէնքի, պահեստամասերու, առանց օդաչուները վարժեցնելու եւ այլ ենթակառուցուածքային ծախսերու: Ներսիսեան կ՛ենթադրէ, թէ մէկ ռազմօդանաւը իր ամբողջ ծրարով կ՛արժէ շուրջ 50 միլիոն տոլար: Ան նշեց, որ Սու–30ի թռիչքը Ատրպէյճանի տարածքին դիւրին թռիչք չըլլար՝ նկատի ունենալով հարեւան պետութեան հակօդային բաւական հզօր համակարգը: Սակայն, գերճշգրիտ հրթիռներու օգնութեամբ կարելի է վնասազերծել հակառակորդի հակօդային համակարգերը:

Առաջին փուլին Հայաստան, հաւանաբար, գնէ 4-5 ռազմական օդանաւեր:

 


comments

Advertisement