Հակառակորդը Պաշտպանութեան Բանակի Անօդաչու Թռչող Սարք մը Խոցած Է

By Asbarez | Wednesday, 20 June 2018

0620drone

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ դիտարկում իրականացնելու ընթացքին, 19 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 11։20ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ խոցուած է Պաշտպանութեան բանակի անօդաչու թռչող սարք մը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն:

<<Հակառակ այն հանգամանքին, որ ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ նման քայլերով խոչընդոտել հայկական անօդաչու թռչող սարքերու պաշտպանական կարեւոր նշանակութեան թռիչքները, այդուհանդերձ՝ Արցախի զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը վճռական է այսուհետեւ դարձեալ շարունակելու օդային դիտարկման բնականոն գործընթացը եւ, նոյն ժամանակ պատասխան պատժիչ գործողութիւններով զսպելու հակառակորդի աշխուժութիւնը օդի մէջ եւ ցամաքի վրայ>>, նշուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:


comments

Advertisement