Նախագահ Արմէն Սարգսեան Եղաւ Թագաւորական Ընտանիքին Ընթրիքի Հիւրը

By Asbarez | Saturday, 23 June 2018

0623armensarkissyan

ԵՐԵՒԱՆ - Աշխատանքային այցելութեամբ Անգլիա գտնուող նախագահ Արմէն Սարգսեան շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ:

Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու նախարար Ալան Տանքըն Հայաստանի նախագահին ի պատիւ կազմակերպեց աշխատանքային ճաշ, որուն ընթացքինմ նախագահ Սարգսեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւնները:

Այցելութեան ծիրին մէջ, նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լոնտոնի դիւանագիտական շրջանակին մօտ թագուհիի ներկայացուցիչին հետ:

21 Յունիսին, նախագահ Արմէն Սարգսեան իր տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ, հիւրընկալուեցաւ թագաւորական ընտանիքին կողմէ Պաքինկհամ պալատին մէջ կազմակերպուած ընթրիքին:


comments