Նախանցած Կիրակի Օր Թշնամին Ձեռնարկեց Հետախուզական-Ներթափանցման Փորձ

By Asbarez | Thursday, 28 June 2018

0626sniper

17էն 23 Յունիս երկարող ժամանակաշրջանին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, թշնամին զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 150 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 1500 կրակոցներ՝ արեւելեան եւ հիւսիսային հատուածներուն մէջ, կիրարկելով նաեւ ձեռքի հակահրասայլային նռնականետեր:

Բացի վերոյիշեալ խախտումներէն, պաշտպանութեան բանակի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ 17 Յունիսին, երեկոեան ժամը 9:45ի շուրջ, թշնամին ձեռնարկեց հետախուզական-ներթափանցման փորձի: Ձեռնարկուած կանխարգելիչ գործողութիւններուն շնորհիւ պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւասարակշռեցին կացութիւնը, կասեցուցին ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններուն յառաջխաղացքը եւ ետ մղեցին զանոնք:

Շաբթուան ընթացքին նաեւ նկատուեցաւ, որ սահմանագիծի տարբեր հատուածներու մէջ Ատրպէյճան սպառազինութեան եւ զինուորական համակարգի տեղաշարժեր կը կատարէ:

Բանակի յառաջապահ զօրամասերը թշնամիին նախայարձակ գործողութիւնները ճնշելու համար կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ գործողութիւններու եւ կը շարունակեն իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պաշտպանութիւնը:

Նշենք, Արցախի ԱԱԾ նախկին տնօրէն, Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Արշաւիր Ղարամեանի <<Ֆէյսպուք>>ի իր էջին վրայ արձանագրած գրութեան համաձայն՝ Կիրակի, 24 Յունիսի երեկոյեան, 2134 մեթր հեռաւորութենէն հայկական ԶՈւ-երու դիպուկահարները խոցեցաին հակառակորդը:

Ըստ <<Բանակ.ինֆօ>>ի՝ վերջին շրջանին բաւական աշխոյժ զօրաշարժեր եւ զօրքերու կուտակումներ իրականացած են առաջնագիծին վրայ, եւ յատկապէս աշխոյժ եղած են դիպուկահար եւ յատուկ նշանակութեան խումբերը:

 

comments