By Asbarez | Thursday, 28 June 2018

ԵՐԵՒԱՆ - Երեւանի մէջ սկսաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը, որուն մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած են անդամ բոլոր երկիրներու ներկայացուցիչները, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մահմուտ Մամատ-Կուլիեւ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բազմակողմ տնտեսական համագործակցութեան վարչութեան պետ Օմեր Քիւճուք:
Ըստ <<Արմէնփրէս>>ի՝ կը նախատեսուի, որ Հայաստան Ատրպէյճանին պիտի փոխանցէ նախագահութիւնը ՍԾՏՀի մէջ, իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախախար Կարէն Նազարեան եւ ՍԾՏՀի գլխաւոր քարտուղար Մայքըլ Քրիսթիթես հանդէս պիտի գան մամլոյ յայտարարութիւններով:
Կազմակերպութեան անդամ են Հայաստան, Ալպանիա, Ատրպէյճան, Պուլկարիա, Վրաստան, Յունաստան, Մոլտովա, Ռումանիան, Ռուսիա, Սերպիա, Թուրքիա եւ Ուքրանիա:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ